
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի ապրիլ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
«Պունտըսլիկա»-ի պաշտօնական կայքին վրայ տեղի ունեցած հարցախոյզին արդիւնքին համաձայն, 27 տարեկան ֆութպոլիստը ապահովեց ձայներուն 42 առ հարիւրը:


