Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով` 68-51 արդիւնքով (կիսախաղ` 33-24, ի նպաստ Ռիատիի):
Տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը արձանագրելով եւ մնալով անպարտելի միակ կազմը, Ռիատի մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` 42 կէտով:
Իսկ ՀՄԸՄ, որ մրցում մը նուազ կատարած է (Մութթահետի դէմ), կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը (դարձեա՛լ Ռիատիէն) եւ մնաց երկրորդ դիրքին վրայ` 35 կէտով:


