
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 5 յունիսին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան ժամացոյցի դէմ մրցումը, Էմիլ Լահուտի անուան մայրուղիին վրայ (Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանը):
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 հեծելանւորդներ, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին անդամ 10 միութիւններ: Անոնցմէ 23-ը յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ:
Մեծերու ախոյեանութեան մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս), որ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Ան արձանագրեց 48 վայրկեան եւ 45 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Նշենք, որ Ալթունեանի արդիւնքը գնահատուեցաւ ժամական 41 քմ արագութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Կարէն Արպեքերլեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) հանդիսացաւ երրորդ (40’36”):
Յովսէփ Գանլըճեան (ՀՄԸՄ Այնճար) հանդիսացաւ 5-րդ (42’02”), իսկ Յակոբ Մաթոյեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ)` 7-րդ (49’22”):


