Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Միացեալ Նահանգներ կատարած իր ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեց երկրորդ յաղթանակով, երբ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին այս անգամ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Սալվատորը:
Գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանի կազմը առաջին մրցումին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Կուաթեմալայի դէմ` 7-1 արդիւնքով:
Մրցումին 2-րդ վայրկեանին, Կարսիա սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց` չկարենալով զսպել դէպի կեդրոն ուղղուող Հենրիխ Մխիթարեանի հարուածը:
Հայրենի կազմը 6-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց 2-0-ի` շնորհիւ Յովհաննէս Համբարձումեանի նշանակած կոլին:
69-րդ վայրկեանին Մխիթարեանի մէկ փոխանցումէն ետք Տիգրան Բարսեղեան նշանակեց Հայաստանի երրորդ կոլը:
75-րդ վայրկեանին Գեղամ Ղադիմեան փոխանցում մը ստանալով Մխիթարեանէն նշանակեց Հայաստանի չորրորդ եւ վերջին կոլը:
Պորուսիա Տորթմունտի մաս կազմող Մխիթարեան թէեւ այս մրցումին կոլ չնշանակեց, սակայն բացառիկ խաղարկութիւն ունենալէ անկախ երկու կոլի փոխանցում կատարեց:
Պէտք է ըսել, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայրենի ֆութպոլիստները արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը: