Երէկ տեղի ունեցան Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր առաջին մրցումին պարտուած էր, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 52-19 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պիլիվըրզը:
Սակայն ՀՄԸՄ Պէյրութ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը այս անգամ Հուփս Մեթնէն` 52-24 արդիւնքով:
Պըրժ Այնթուրա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 27-25 արդիւնքով յաղթելով Ժամհուրին:
Վերջապէս, Անուար արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 44-42 արդիւնքով յաղթելով Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի ունեցան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):