Երէկ Ֆրանսայի մէջ աւարտեցաւ թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտականի մրցումը:
Թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ տիրացաւ տիտղոսին, երբ աւարտականին, 3-6, 6-1, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց անգլիացի Էնտի Միւրէյին (2-րդ):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականին, 4-րդ դասուած սպանացի Կարպին Պլանքօ, ստեղծեց կարեւոր անակնկալ մը, երբ 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզի: