Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց միջազգային պասքեթպոլի կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտարարեց, որ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան 26-րդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 13-20 հոկտեմբերին` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Նիզար Ռաուասի եւ Հիշամ Ժըրատիի կողմէ կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի այս գործով եւ որ յատուկ հրաւէրներ պիտի ղրկէ տեղական, արաբական եւ միջազգային ակումբներուն` յստակացնելու համար մասնակցող խումբերուն վերջնական պատկերը: