
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումը` Ռիատի Պէյրութ եւ Սաժեսի միջեւ, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Մանարայի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, որ 102-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սաժեսը (21-28, 38-49, 74-61 եւ 102-85):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռիատի, որ այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Սաժեսը, յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Կացութիւնը ամբողջութեամբ շրջուեցաւ երրորդ քորթըրին վերջին 5 վայրկեանէն ետք, երբ Ռիատի նշանակեց 20 կէտ, մինչ Սաժես միայն… 1 կէտ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սաժեսի մարզիկ Թերել Սթոկլին` 37 կէտ (Ներառեալ` 6 թրի փոյնթ): Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (20):