Յորդանանի մէջ, Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանան երէկ երեկոյեան կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Իրաքէն, 88-87 արդիւնքով… Երկրորդ երկարաձգումէն ետք:
Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 65-65 հաւասարութեամբ, իսկ առաջին երկարաձգումը` 77-77 արդիւնքով:
Թէ՛ չորրորդ քորթըրին աւարտին, թէ՛ առաջին երկարաձգումին եւ թէ՛ երկրորդ երկարաձգումէն առաջ, թէեւ Լիբանան մօտ էր յաղթանակին, բայց Իրաք արգելք հանդիսացաւ ատոր եւ Լիբանան պարտուեցաւ` երկրորդ անգամ ըլլալով: Առաջին անգամ Լիբանան պարտուեցաւ Իրանէն:
Այսօր ժամը 18:00-ին, Լիբանան կը կատարէ իր վերջին մրցումը` Յորդանանի դէմ: