Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթ յետմիջօրէին իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) ժողով մը գումարելով 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակեց Սաժեսը, որ Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան վեցերորդ մրցումին հարցեր ստեղծելով պատճառ դարձած էր մրցումին ընդհատման:
Նկատի ունենալով, որ Սաժես իր համակիրները դաշտէն դուրս չհանեց, որպէսզի մրցումը շարունակուի, խումբը 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, ըստ ֆետերասիոնին օրէնքին:
Այսպիսով, Ռիատի յաղթական ըլլալով եւ 4-2 արդիւնքով գերազանցելով Սաժեսը, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: