ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղը այսօր` շաբաթ, 4 յունիսին, կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգելու մեծ առիթը ունի եւ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան դառնալու սեմին կը գտնուի` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Քանի մը առիթներով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանդիսացած է փոխախոյեան, ինչպէս նաեւ առիթով մըն ալ` Լիբանանի բաժակակիր:
Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ չորրորդ ճակատումը:
Այս մրցումին նախօրեակին, այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Ռիատին` Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականին գծով:
Երրորդ յաղթանակը արձանագրելը այսօր թէ՛ կարեւոր է եւ թէ՛ ալ` հրամայական:
Ամէն ջանք պէտք է թափուի անկարելիին կարելի դարձնելու, որպէսզի յաղթանակը կերտուի` հինգերորդ մրցումը չկատարելու համար:
Վստահ ենք, որ այսօր բոլորս ալ ականատես պիտի ըլլանք պատմական իրագործումի մը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն հետ:
Եթէ խումբը դաշտին վրայ պիտի պայքարի` տիտղոսին տիրանալու համար, անդին համակիրները իրենց կարգին իրենց խօսքը ունին ըսելիք թրիպիւններուն վրայ:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը:
Քանի մը ժամուան համար անձնական գործերը մէկդի դնելով եւ խիտ շարքերով քաջալերելով խումբը, բնականաբար բան մը կորսնցուցած պիտի չըլլանք:
Միասնաբա՛ր կերտենք ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը, պատմական այս իրագործումին ներկայ գտնուինք եւ ստեղծենք տօնական մթնոլորտ մը` մրցումէն ետք:
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին, անխտի՛ր:


