
«Թրանսֆըրմարքեթ» կայքին համաձայն, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը բարձրանալով հասաւ մինչեւ 37 միլիոն եւրօ:
27 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը նախորդ ապրիլին կը կազմէր 30 միլիոն եւրօ:
Մխիթարեան այժմ շատ չնչին կերպով միայն ետ կը մնայ իր խմբակիցէն` սպանացի բերդապահ Տաւիտ տէ Ժէայէն, որուն արժէքը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով:


