Mirror.co.uk կայքը կը հաղորդէ, որ Լայսթըր Սիթիի սեփականատէրը` Վիշայ Սրիվատհանափրապհա (թայլանտցի), Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեան հանդիսացած իր 19 ֆութպոլիստներուն իւրաքանչիւրին նուիրեց «BMW i8» վաճառանիշի ինքնաշարժներ:
Կը նշուի, որ չորս ֆութպոլիստներ` Նկոլօ Քանթէ, Ճօ Տոտու, Անտրէյ Քրամարիչ եւ Եոհան Պենալուանէ այդ նուէր-ինքնաշարժներէն չստացան, որովհետեւ նախորդ տարեշրջանի աւարտին հեռացան խումբէն: