Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան խումբերէն Օքլահոմա Սիթի, համաձայնութիւն մը կնքած է իր մարզիկին` Ռասըլ Ուեսթպրուքի հետ, անոր պայմանագրութիւնը երեք տարիով երկարաձգելու գծով:
Կը կարծուի, որ 27 տարեկան Ուեսթպրուք, փոխան 85,7 միլիոն ամերիկեան տոլարի պիտի երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը:
Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին: