ArmSport.am հայկական մարզական կայքը կը հաղորդէ, որ «Փան Արմինիըն Մետիա Կրուփ»-ը եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իրարու հետ համաձայնագիր մը կնքեցին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 25-րդ ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքի մրցումները ցուցադրելու առնչութեամբ:
Այդ ընկերութեան երեք պատկերասփիւռի կայանները` «Արմենիա Թի. Վի.», «Ա. Թի. Վի.» եւ «Արմնիուզ» պիտի ցուցադրեն իւրաքանչիւր հանգրուանի 2 կարեւորագոյն մրցումները, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքին կարեւոր ճակատումները:
Նշենք, որ «Արմնիուզ»-էն 6 օգոստոսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 17:30-ին պիտի ցուցադրուի Շիրակ – Փիւնիկ մրցումը, իսկ 7 օգոստոսին, ժամը 18:00-ին, Ալաշկերտ – Գանձասար Կապան մրցումը: