Երեւանի Ուրարտու պասքեթպոլի տղոց խումբը, որուն կորիզը պիտի կազմեն Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիկները, հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի մասնակցի Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկ-1»-ի ախոյեանութեան, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Ներկայիս սկսած է ակումբին առնչուող կազմակերպչական շարք մը հարցերու կարգաւորումը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկ 1»-ի 2016-2017 տարեշրջանին պիտի մասնակցին 13 ակումբներ: Բացի Ուրարտուէն, մնացած բոլոր ակումբները ռուսական են:
Յառաջիկային պիտի հրապարակուի ախոյեանութեան յայտագիրը:
Ախոյեանութիւնը պիտի սկսի հոկտեմբեր 2016-ին եւ աւարտի 2017-ի գարնան:
Նշենք, որ իր դաշտին վրայ կատարելիք իր մրցումներուն, Ուրարտու պիտի մրցի Երեւանի «Միքա» մարզահամալիրին մէջ: