
Երէկ` հինգշաբթի, 4 օգոստոսին, Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) բարձրացաւ լիբանանեան դրօշակը, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսութեան նախօրեակին:
Դրօշակի բարձրացման արարողութեան ներկայ էր Ռիոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Զիատ Իթանի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներ, լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, այլ անձնաւորութիւններ եւ խաղերուն մասնակցող լիբանանցի մարզիկները:
Նշենք, որ պաշտօնական բացման հանդիսութեան օրը եւ տողանցքին ընթացքին Լիբանանի դրօշակակիրը պիտի ըլլայ Լիբանանի ժիւտոյի ախոյեան Նասիֆ Էլիաս:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը, երէկ հրապարակ իջեցուց յատուկ դրոշմաթուղթեր` Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն առիթով:
Նշենք, որ այս գաղափարը կը պատկանի Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախկին նախագահ` հանգուցեալ Անթուան Շարթիէի:


