
Սպանական «ԱՍ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը որոշեց կրկնապատկել խումբին գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի աշխատավարձը:
Աղբիւրին համաձայն, ներկայիս, ֆրանսացի մասնագէտին տարեկան աշխատավարձը 5,5 միլիոն եւրօ է:
Նշենք, որ անոր այժմու աշխատավարձը գրեթէ նոյնքան է, որքան կը ստանար նախկին` պաշտօնանկ եղած մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես:
Իսկ նախկին այլ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի տարեկան աշխատավարձն էր 7,5 միլիոն եւրօ:


