
5-էն 6 լուսցող գիշերը, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի պիտի ունենայ 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Երէկ եւ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Մարաքանայի դաշտին վերեւ արդէն իսկ յատուկ փորձեր կատարուեցան, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլան այդ հրավառութիւններն ու յատուկ գործադրուելիք յայտագիրները, որոնց կարգին` պարեր, երգեր եւ յատուկ ծրագիրի դասաւորումներ:
Ըստ նախնական տուեալներուն, կը կարծուի, որ նուազագոյնը 100 երկիրներու նախագահներ եւ պետեր ներկայ պիտի ըլլան բացման հանդիսութեան:
Սակայն որոշ երկիրներու նախագահներ ցարդ պաշտօնապէս յայտարարութիւն չեն կատարեր այդ գծով` ապահովական պատճառներով:
Պրազիլ այցելող ղեկավարներուն կարգին պիտի ըլլան Ֆրանսուա Հոլլանտ, Ճոն Քերրի, Պան Քի Մուն եւ ուրիշ շատեր:
Կը կարծուի, որ այլ անուններ պիտի յստականան նաեւ այսօր:


