
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Թրաքայի յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, յայտնեց լիթուանական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Հայ ֆութպոլիստը մաս պիտի կազմէ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Շիքակօ Ֆայըրի եւ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ անոր հետ:
Թրաքայի պատասխանատուները յաջողութիւն մաղթեցին անոր` իր նոր ասպարէզին գծով:


