Հայրենի կրանտմասթըր եւ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան կը պատրաստուի աշխարհի ճատրակի 8-րդ ախոյեան` Միհայիլ Թալի յուշամրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 10 կրանտմասթըրներ:
25 սեպտեմբերէն 6 հոկտեմբեր Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Վլատիմիր Քրամնիք, Փիեթր Սվիտլեր, Եւգենի Թոմաշեւսքի (Ռուսիա), Վիշվանաթան Անանտ (Հնդկաստան), Պորիս Կելֆանտ (Իսրայէլ, մինչ մնացեալ չորսին անունները պիտի յստականան աւելի ուշ:
Նշենք, որ օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի գերմրցաշարքին մասնակցած Արոնեան չէր կրցած տիտղոսը պահել իր մօտ եւ գրաւած էր երրորդ դիրքը: