Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ վերադարձաւ եւ միացաւ ընդհանուր խումբի իր խմբակիցներուն:
Ռոնալտօ, որ վիրաւորուեցաւ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, շատ հաւանաբար չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել 10 սեպտեմբերին Օսասունայի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին` ամբողջութեամբ ապաքինած չըլլալով:
Բայց եւ այնպէս Ռոնալտօ յայտնեց, որ շատ ուրախ է, որ միացաւ արքայական ակումբին իր խմբակիցներուն: