
Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ գերմանացի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Ֆրանց Պեքընպաուըր նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ սրտի վիրաբուժութեան:
70 տարեկան Պեքընպաուըր նախորդ շաբաթավերջին Սալզպուրկի մէջ (Աւստրիա) գտնուող իր բնակարանէն ուղղուեցաւ Գերմանիոյ հարաւը գտնուող հիւանդանոցներէն մէկը, ուր ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
Ան 1974-ի մոնտիալին նախկին Արեւմտեան Գերմանիոյ կազմին հետ իբրեւ խմբապետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ իբրեւ մարզիչ 1990-ի մոնտիալին դարձեալ հանդիսացաւ ախոյեան:


