
Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոել Լը Կրայէ յայտնեց, որ յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի համար ազգային խումբ վերադառնալու դռները բաց կը մնան, որովհետեւ ինք ամբողջութեամբ դէմ է մարզիկի մը ցմահ կախակայումին եւ ազգային խումբէն վերջնական հեռացման:
«Ան արդէն իսկ բացակայեցաւ Եուրօ-2016-էն եւ չենք ուզեր, որ այլ կարեւոր մրցաշարքերէ ալ բացակայի», շեշտեց նախագահը:
Նշենք, որ 28 տարեկան Պենզեմա Ֆրանսայի հետ 81 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 27 կոլ:
Ան ներկայիս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ ցարդ այս տարեշրջանին դաշտ չէ ներկայացած:


