Երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստան – Պուլկարիա մրցումը` Ե. խմբակին մէջ:
Հայրենի կազմը, որ կատարեց զտումի իր 8-րդ մրցումը, կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Եուլիան Նենով` 79-րդ վայրկեանին:
Ցարդ առանց յաղթանակի, Հայաստան մնաց դասաւորման 6-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան ունենալով միայն մէկ կէտ: