Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանան երէկ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աֆղանիստանը:
Երկու խումբերուն համար ալ այս մրցումը պատրաստութիւն էր 2019-ի Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին համար, որ տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:
Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Լիբանանի առաջին կոլը նշանակեց Հասան Սաատ (58-րդ), մինչ երկրորդը` Հասան Մաաթուք, փենալթիով, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ):