Իր լուրը քաղելով Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` «Սքայ Սփորթց» կը տեղեկացնէ, որ 10 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի տերպիի մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 41 տարեկան միջազգային իրաւարար Մարք Քլաթենպուրկ:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Փրեմիեր» լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Քլաթենպուրկ վերջին անգամ Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին իրաւարարը եղած է 2014-2015 տարեշրջանին, երբ Եունայթըտ յաղթած է 4-2 արդիւնքով: