
Սպանական «Մարքա»-ի համաձայն, Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շատ հաւանաբար քանի մը ամիսով բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Եթէ պատահի, որ ան վիրաբուժութեան ենթարկուի, ան երկար ժամանակ բացակայ պիտի ըլլայ:
Անոր կատարելիք վիրաբուժութեան գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յստականան յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին, երբ բժիշկները կատարեն յաւելեալ քննութիւններ:
Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ Արժանթին – Ուրուկուէյ մրցումին (2018-ի Մոնտիալի զտում) ընթացքին:


