Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի ծանրաբարձ Անդրանիկ Կարապետեան քանի մը օր առաջ Մոսկուայի մէջ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ անոր ապաքինումի ընթացքին մասին:
«Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն օժանդակեց, որ ան վիրաբուժութեան ենթարկուի: Այդ վիրաբուժութիւնը շատ յաջող անցաւ. Աստուած մեր մարզիկին հետ եղաւ:
«Յառաջիկայ տարուան յունուարին, ան կը վերսկսի իր փորձերուն: Յոյսով ենք, որ ան մեզի շատ պիտի ուրախացնէ», ըսաւ Ռոստոմեան:
77 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած ծանրաբարձ Կարապետեան վիրաւորեց իր արմուկը` Ռիօ-2016-ի ողիմպիականին, մինչ 195 քկ կը բարձրացնէր: