Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու տղոց ախոյեանութիւնը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` չինական Շինճիանկ Ֆլայնճ Թայկըր եւ լիբանանեան Ռիատի Պէյրութ ակումբներուն միջեւ:
Լիբանանի ախոյեանը չկրցաւ տիրանալ տիտղոսին, երբ աւարտականին պարտուեցաւ իր մրցակիցէն` 96-88 արդիւնքով:
Նշենք, որ Ռիատի առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտականին եւ կը պարտուէր:
Նշենք, որ կիսաւարտականին (շաբաթ օր) Ռիատի 107-79 արդիւնքով յաղթեց Ահլիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):