Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած հայ մարմնամարզիկները երեք ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներու տիրացան:
Վահագն Դաւթեան յաղթեց օղակներու մրցումներուն, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Արթուր Աւետիսեան: Իսկ Վիգէն Խաչատրեան ոսկի մետալներու տիրացաւ պտտաձողի եւ նժոյգի թափի մրցումներուն:
Նշենք, որ միջազգային այս մրցաշարքին մասնակցեցան Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Գերմանիոյ մարմնամարզիկները: