
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Էվըրթընի հետ: Անոր արձանագրած այս հաւասարութենէն օգտուեցաւ Արսենալ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սուանզիի, այժմ միայն կոլէվըրէյճի տարբերութեամբ ետ կը մնայ անկէ: Թէօ Վալքոթ նշանակեց Արսենալի կոլերէն երկուքը:
Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուս 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուտինեզէին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` ունենալով 21 կէտ: Փաուլօ Տիպալա նշանակեց Եուվէի երկու կոլերը (43-րդ եւ 51-րդ` փենալթիով):
Անոր անմիջական մրցակիցը եղաւ Ա. Էս. Ռոմա, որ Նափոլիէն խլեց 2-րդ դիրքը` անոր դաշտէն 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք: Էտին Ծեքօ նշանակեց 2 կոլ:
Սպանիոյ մէջ, երկրին երեք հսկաներուն` Պարսելոնայի, Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի կատարած մրցումներուն ընթացքին նշանակուեցաւ 19 կոլ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ եղաւ մեծագոյն յաղթականը, 7-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Կրանատան, մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ:
Եաննիք Ֆերէյրա-Քարասքօ հեթրիք մը իրագործեց:
Ռէալ Մատրիտ 6-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռէալ Պեթիսի դաշտէն: Ռէալ Մատրիտի կոլերը նշանակեցին Ռաֆայէլ Վարան (4-րդ), Քարիմ Պենզեմա (32-րդ), Մարսելօ (40-րդ), Իսքօ (45-րդ եւ 63-րդ) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (79-րդ):
Ռաֆինիայի (21-րդ եւ 36-րդ) եւ Լուիս Սուարեզի (43-րդ եւ 58-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթեց Տեփորթիւօ Քորունային:
Գերմանիոյ մէջ, Պայէրն Միւնիխ Այնթրախթ Ֆրանքֆորդի դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Արժեն Ռոպեն (11-րդ) եւ Ժոշուա Քիմիչ (62-րդ) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը:
Նշենք, որ 7-րդ հանգրուանը սկսաւ Պորուսիա Տորթմունտ – Հերթա Պերլին մրցումով (1-1):
Ֆրանսայի մէջ, Նիս 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիոնի, մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ: ի նպաստ Նիսի, Մարիօ Պալոթելլի 81-րդ վայրկեանին չկրցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:
Փարիզ Սեն Ժերմեն գրաւեց 2-րդ դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Նանսիի դաշտէն:
Մոնաքօ նահանջեց 3-րդ դիրք` 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Թուլուզէն: