Ողիմպիականի 9-ակի ախոյեան, 100 եւ 200 մեթրի վազքի աշխարհի մրցանշակիր Ուսէյն Պոլթ որոշեց իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել իր հայրենիքին` Ժամայքայի մէջ, 2017-ին մասնակցելէ ետք «Ռէյսըրզ կրան փրի»-ին:
Ան յառաջիկայ տարի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ ան պատմութեան մէջ երրորդ աթլեթն է, որ ողիմպիականի 9 տիտղոսի տիրացաւ:
Անկէ բացի, այս յաջողութեան հասած են ֆինլանտացի Փաաւօ Նուրմի եւ ամերիկացի Քարլ Լուիս: