Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան եւ արծաթէ մետալակիր Միհրան Յարութիւնեան Դիլիջանի պատուոյ քաղաքացիի կոչում ստացան, յայտնեց Դիլիջանի քաղաքապետութեան պաշտօնական կայքը:
Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշները, ինչպէս նաեւ անոնց մարզիչները` Գէորգ Ալեքսանեանը եւ Սամուէլ Գէորգեանը պարգեւատրեց քաղաքապետարանի ոսկի մետալով:
Նշենք, որ նախապէս Արթուր Ալեքսանեանին եւ Միհրան Յարութիւնեանին յանձնուած էր Երեւանի, ինչպէս նաեւ իրենց հայրենի քաղաքներուն, յաջորդաբար` Գիւմրիի եւ Էջմիածինի պատուոյ քաղաքացիի կոչումը: