
Անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը ներկայացուց անունները «Փրեմիեր լիկ»-ի այն 20 ֆութպոլիստներուն, որոնց մարզաշապիկները ամէնէն շատը կը ծախուին Անգլիոյ մէջ:
Անոնց կարգին է նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կը գրաւէ 19-րդ դիրքը:
Առաջին եւ երկրորդ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն անոր խմբակիցները` Փոլ Փոկպա եւ Զլաթան Իպրահիմովիչ:


