Հայաստանի հաւաքականի չորս ըմբիշներ հանդէս պիտի գան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Իրանի ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանին, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայրենի չորս ըմբիշներն են` Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Վարշամ Բորանեան (71 քկ), Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ): News.am-Sport կայքը կ՛աւելցնէ, որ 20-22 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին 10 խումբերէն երկուքը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պուտափեշթի մէջ կատարուելիք աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան: