
Տարեշրջանի առաջին մարզական մրցաշարքը պիտի ըլլայ քրոս քաունթրին, որ արդէն նախորդ տարեշրջանէն սկսած էր եւ պիտի շարունակուի Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին` ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ին համար հայկական վարժարաններէ սերունդներ պատրաստելու իմաստով անոր տարիներու վաստակաշատ գործունէութեան առիթով:
Վարդգէս Էսքիպաշեանի փափաքը լիուլի իրագործելու համար, սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 6 նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի մէջ, հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան:
Յայտագիր`
7:00 Հաւաք` Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից կառատան մէջ
7:15 Մեկնում դէպի Այնճար
9:30 Հաւաք` Այնճարի ՀՄԸՄ- ի ակումբ
10:00 2007/2008-ի ծնունդ` 600մ
10:15 2005/2006-ի ծնունդ` 1000մ
10:30 2003/2004-ի ծնունդ` 1400մ
10:45 2001/2002-ի ծնունդ` 2000մ
11:00 1999/2000-ի ծնունդ` 2600մ
11:00 1998-ի ծնունդ` 2600մ
11:30 Մրցանակաբաշխութիւն
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


