
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ «Միւլթի Ուելնես կեդրոն» մարզական համալիրի բացման պաշտօնական հանդիսութեան:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, համալիրի սեփականատէր, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի, համալիրի պատասխանատուներուն եւ հրաւիրեալներու հետ միասին, նախագահ Սարգսեան շրջագայեցաւ համալիրին մէջ, որ արդիական սարքաւորումներով օժտուած կառոյց մըն է:


