Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի Թրիաթլոնի նախագահ Մահմուտ Տիպ եւ այլ պաշտօնական անձեր:
Աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Քարոլ Պոյաճեան (ՀՄՄ), որ արձանագրեց 1 ժամ 21′ 05″ արդիւնք մը, մինչ տղոց ախոյեան` Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Ալի Զըղպի (1 09′ 43″):
Նշենք, որ Պոյաճեան իր տարիքի դասաւորման մէջ եւս (24-39 տարեկան) հանդիսացաւ առաջին, մինչ Ալի Զըղպի (24-29 տարեկան)` իր կարգին առաջին դիրքը գրաւեց:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: