
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ երէկ կատարեց Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր առաջին մրցումը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լեհաստանի հետ:
Թէեւ մրցակից կազմը 21-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, սակայն 8 վայրկեան ետք Արսէն Եղիազարեան հաւասարեցուց արդիւնքը:
Այս մրցումին հայրենի խումբը դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Նարեկ Յովհաննիսեան, Տիգրան Այունց, Մարտին Գրիգորեան, Արսէն Եղիազարեան, Ժիրայր Շաշոյեան, Էդիկ Աւետիսեան, Կարէն Յովհաննիսեան, Արսէն Սարգսեան, Գերման Կուրբաշեան (Արմէն Յովհաննիսեան), Ազատ Յարութիւնեան եւ Արամ Խամոյեան:


