
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կիրակի, 30 հոկտեմբերին, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հետեւեալ 16 ակումբներուն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Անսար, Ֆրերներ, Լիբանանեան բանակ, Անիմասիոն, Թանմիէ, նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբ, Ռիատի, Պէյրութի ճատրակի ակումբ, Քֆարշիմա, Ահլի Սայտա, Սանապել, Ռաֆահ, Խիյամ, Քայթուլի եւ Մաշարիհ:
7 ռաունտնոց այս մրցաշարքին ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակ խաղացողները եղան Ժիրայր Օգնայեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Հրայի Պրունսուզեան, Րաֆֆի Ճիկերեան, Հրակ Լախեան, Էլի Յակոբեան եւ Յովհաննէս Թորոսեան:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս` ապահովելով 9 կէտ (4 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն), հանդիսացաւ երրորդ:
Տիտղոսին տիրացաւ Անսար, որ այս մրցաշարքին ոչ մէկ պարտութիւն կրեց, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւեցին Ֆրերները:
Այս ախոյեանութեան հսկեց Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի, իսկ իրաւարարներն էին` Էլի Հուլիշեան եւ Հիւսէյն Համմուտ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմի:


