ՖԻՏԷ-ի հրապարակած նոյեմբեր ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2794 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2853), իսկ անոր կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող իտալացի Ֆապիանօ Քարուանա (2823): Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ֆրանսացի Մաքսիմ – Վաշիէ Լակրաւ (2811):
Առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի երեք այլ ներկայացուցիչներ եւս` հետեւեալ ձեւով. Վլատիմիր Յակոբեան` 66-րդ (2675), Սերկէյ Մովսիսեան` 74-րդ (2672) եւ Գաբրիէլ Սարգսեան` 81-րդ (2667):