«Տոն Պալոն» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ դժգոհ է խումբին ցուցադրած վերջին ելոյթներէն եւ արդիւնքներէն: Ան մտադիր է խումբին յարձակողականը զօրացնել քաթալոնական Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի միջոցով:
Կը նշուի, որ անգլիական ակումբը «ֆութպոլի ոսկիէ կօշիկ»-ի տիտղոսակիրին առաջարկէ 150 միլիոն եւրօ:
Եթէ Սուարեզի Եունայթըտ փոխանցումը իրականանայ, ապա ատիկա պիտի ըլլայ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն սուղ փոխանցումը:
Նշենք, որ Սուարեզի պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ կ՛աւարտի 2019-ին: