Մարզական

Պրազիլական Շափեքոյենսէի Ֆութպոլիստները Զոհ` Օդանաւային Արկածի Մը

Պրազիլի նախագահը, երէկ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ երկրին մէջ երեք օրուան սուգ յայտարարուած է` նկատի ունենալով, որ պրազիլական Շափեքոյենսէ ֆութպոլի խումբին մարզիկներուն մեծ մասը զոհ գնաց օդանաւի արկածի մը, երբ կ՛ուղղուէին Քոլոմպիա` մրցելու համար տեղւոյն կազմերէն Աթլեթիքօ Նասիոնալի դէմ, հարաւային ամերիկեան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին գծով: Վերջին տուեալներուն համաձայն, օդանաւի արկածէն ողջ մնացած են երկու ֆութպոլիստներ եւ օդաչուն:...

Ճատրակ. Ախոյեանին Անունը Կը Յստականայ Թայ-Պրէյքով

Նիւ Եորքի մէջ աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարին 12-րդ հանգրուանի հանդիպումը` նորվեկիացի գործող ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի եւ ռուս Սերկէյ Քարժաքինի միջեւ, 30-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Քարլսըն կը խաղար ճերմակ քարերով: Ախոյեանութեան ընթացքին հաւասար արդիւնքով վերջ գտած այս մրցումը եղաւ ամէնէն քիչ ժամանակի ընթացքին աւարտածը (30 վայրկեան): Նկատի ունենալով, որ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 6-6 հաւասարութեամբ (12 հանդիպումներէն 10-ն աւարտեցաւ...

Հայաստանի Կռփամարտի Հաւաքականը Պիտի Ունենայ Նոր Գլխաւոր Մարզիչ

  1 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի 9-րդ համաժողովը: Համաժողովին ընթացքին Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչին անունը, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ հաւաքականի այժմու գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աղամալեան:

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Արձանագրեց Իր 16-րդ Յաղթանակը

Քեւին Տիւրընթ (թիւ 35) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը ճակատումներ: Արեւմտեան գօտիի պարագլուխի դիրքը գրաւող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր 16-րդ յաղթանակը` 105-100 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլանթա Հոքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 25 կէտ: Նիւ Եորքի մէջ, Նիքս 112-103 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) նշանակեց 27 կէտ,...

Վրաստանի Մէջ. Հայաստանի Պատանեկան Հաւաքականը Արձանագրեց 3 Յաղթանակ

Հայաստանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի հաւաքականը աւարտեց իր հաւաքը Թիֆլիսի մէջ: Արեգ Վաթեանի գլխաւորած հաւաքականը Թիֆլիսի մէջ հինգ բարեկամական մրցումի ընթացքին արձանագրեց երեք յաղթանակ: Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հաւաքին մասնակցեցան միայն Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած մարզիկները: Յայտնենք, որ յուլիս 2017-ին Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի մասնակցի 2017-ի Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:

Մաուրօ Գեւգէօզեան Կերտեց Աթլեթիքոյի Յաղթանակը

Քոլոմպիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Տեփորթիւօ Քալիի: Յաղթական կազմին յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ հայ ֆութպոլիստ Մաուրօ Գեւգէօզեան, որ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց կոլի փոխանցում: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: Նշենք, որ 30 տարեկան յառաջապահը Քոլոպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ 20 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ:

Քութինիօ 5-էն 6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Լիվըրփուլի միջնապահ Ֆիլիփէ Քութինիօ, որ Սանտըրլենտի դէմ տեղի ունեցած «փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին ընթացքին (13-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, 5-էն 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»: Անգլիական ակումբը յոյսով է, որ 28 տարեկան պրազիլցին ապաքինած կ՛ըլլայ մինչեւ 15 յունուար 2017` մասնակցելու համար Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ տեղի ունենալիք գագաթի ճակատումին: «Փրեմիեր լիկ»-ի 13 մրցումներուն ան ցարդ նշանակած է 5 կոլ...

Տել Փոթրօ Իր Ռաքեթը Նուիրեց Մարատոնային

Արժանթինցի թենիսմեն Խուան Մարթին Տել Փոթրօ ֆութպոլի աստղ Տիեկօ Մարատոնային նուիրեց իր ստորագրութիւնը կրողը ռաքեթը, կը յայտնէ «Ա. Պոլա»: Արժանթինի թենիսի ազգային խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ Տէյվիս Քափի մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին յաղթելէ ետք Խրուաթիոյ: Աւարտականի այդ երեք օրերուն ընթացքին Արժանթինի կատարած մրցումներուն ներկայ գտնուած էր Մարատոնա, որ Տել Փոթրօ - Մարին Չիլիչ մրցումէն ետք ստացաւ այդ...

2 Տարի Բանտին Մէջ Մնալէ Ետք. Ուլի Հէօնես Վերադարձաւ Պայէրն Միւնիխի Նախագահի Պաշտօնին

Պայէրն Միւնիխի նախկին նախագահ Ուլի Հէօնես վերադարձաւ իր պաշտօնին, կը յայտնէ գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ 64 տարեկան գերմանացին պիտի փոխարինէ Քարլ Հոփֆները: Հէօնես, որ միակ թեկնածուն էր ակումբի նախագահի ընտրութեան, հաւաքեց ձայներուն 98,5 տոկոսը: Ան նախագահ պիտի մնայ մինչեւ 2019: Նշենք, որ 27 միլիոն եւրոյի իր տուրքերէն խուսափելուն պատճառով Հէօնես մարտ 2014-ին թէեւ 3,5 տարուան բանտարկութեան վճիռ ստացած...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի-Պասքեթպոլի Մրցումներուն Մասնակցեցան 7 Վարժարաններ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի-պասքեթպոլի մրցաշարքին առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ` մասնակցութեամբ 7 վարժարաններու աշակերտներու: Աշակերտները ներկայ էին մրցելու, ուրախանալու եւ մրցանակներ ստանալու, ինչպէս նաեւ սորվելու խմբային ու հաւաքական մրցումներուն ընթացքին իրարու օգնել, քաջալերել եւ ընդունիլ յաղթանակն ու պարտութիւնը: Փաստօրէն, ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած մինի պասքեթպոլի մրցաշարքին հիմնական նպատակն է հայկական...

Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Թանմիէ Պէյրութ ակումբին, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի տղոց ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ 12 հանգրուան: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 ճատրակ խաղացողներ: Նշենք, որ մասնակցողներուն մէջ է Ճիօ Գալուստ, որ միակ հայն է: Ցարդ տեղի ունեցած 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ան արձանագրած է յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը: Իւրաքանչիւր օր...

Հայկ Գալստեան` Տուպլէի Հեղինակ

Գերմանական Պոխում ակումբի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի կազմը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փրէուսէն Մունսթերի: Պոխումի յաղթանակը կերտողներուն մէջ իր մեծ բաժինը ունեցաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի ֆութպոլիստ Հայկ Գալստեան, որ այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց 12-րդ եւ 75-րդ վայրկեաններուն, կը յայտնէ ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը:

Խառն Մենամարտ. Քանըր Մաքկրեկոր Զրկուեցաւ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի Ախոյեանութեան Իր Գօտիէն

Իրլանտացի մարզիկ Քանըր Մաքկրեկոր այսուհետեւ խառն մենամարտի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի 2 քաշային կարգերու գործող ախոյեան չէ: Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ Մաքկրեկոր հրաժարած է Կիսաթեթեւ քաշային կարգի ախոյեանութեան գօտիէն: «Էմ. Էմ. Էյ.-Ֆայթինկ»-ի համաձայն, իրլանտացի մարզիկը չէ համաձայնած այդ որոշումին: Այժմ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի կիսաթեթեւ քաշային կարգի գօտին պիտի տրուի ժամանակաւոր ախոյեան Ժոզէ Ալտուի: Նշենք, որ վերջերս Մաքկրեկոր, նաք-աութով յաղթած էր ամերիկացի Էտի...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 5-րդ Դիրքին Վրայ. Պէյրութի Դրամատունը` Ցարդ Անպարտելի

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութսալի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներէն ետք, ցարդ անպարտելի միակ խումբը կը հանդիսանայ Պէյրութի դրամատունը, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ 9-2 արդիւնքով յաղթեց Շուէյֆաթի: Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ ցարդ կատարած է 9 մրցում, այժմ 15 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` նշանակելով 33 կոլ եւ իր...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց. Ճէյմս Հարտեն Նշանակեց 38 Կէտ

Ճէյմս Հարտեն (աջին) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 130-114 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 38 կէտ: Հարտենէն մէկ կէտ աւելի նշանակեց Քիրի Ըրվինկ, երբ անոր կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ 112-108 արդիւնքով յաղթեց Սիքսըրզի` Ֆիլատելֆիայի մէջ: Թէեւ Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 36...

20 Տարեկան Ռուս Ճատրակ Խաղացողը Ինկաւ 12-րդ Յարկէն Վար

Մոսկուայի մէջ մահացաւ ռուս կրանտմասթըր Եուրի Ելիսէեւ: 20 տարեկան ճատրակ խաղացողը, որ կը փորձէր մէկ պատշգամէն միւսը ցատկել, ինկաւ 12-րդ յարկէն վար, կը յայտնէ «Չես-նիուզ»-ը: Ան այս տարի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «Մոսքօ Օփըն» ճատրակի փառատօնին հանդիսացած էր տիտղոսակիր: Ան ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ կը գրաւէր 2012-րդ դիրքը:

Սկովտիական Ֆութպոլ. Սելթիք Տիրացաւ Իր 100-րդ Տիտղոսին

Սկովտիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Սելթիք 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ապըրտինին եւ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ տիրացաւ իր 100-րդ տիտղոսին: Այսպիսով, 1887-ին հիմնուած Սելթիք իր առաջին տիտղոսին տիրացաւ իր նոր մարզիչին` Պրենտըն Ռոճըրզի հետ:

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Վիճակահանութեան Արդիւնքները

Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Միջցամաքամասային ֆութպոլի բաժակի 2017-ի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Ա. խմբակին մաս կազմեցին Եւրոպայի ախոյեան Փորթուգալ, Նոր Զելանտա, Մեքսիքա եւ մրցաշարքը հիւրընկալող Ռուսիա: Աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Չիլին, Աւստրալիան եւ Ափրիկէի 2017-ի ախոյեանը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 17 յունիսէն 2 յուլիս 2017-ին, Ռուսիոյ չորս քաղաքներու` Մոսկուայի,...

Ռիպերի Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն Պայէրն Միւնիխ յայտարարեց, որ ակումբին մաս կազմող ֆրանսայի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: 33 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2018: Անոր նախկին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր 2017-ի ամրան: 2007-ին ֆրանսական Մարսէյէն «Պունտըսլիկա»-ի կազմին միացած Ռիպերի իր ակումբին հետ 333 մրցումի ընթացքին նշանակեց 108 կոլ եւ կատարեց 164 կոլի փոխանցում:

22 Տարի Ետք. Փալմէյրաս Հանդիսացաւ Պրազիլի Ախոյեան

Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 37-րդ հանգրուանին, Փալմէյրաս նուազագոյն հաշուով յաղթելէ ետք Շափեքոյենսէին, հռչակուեցաւ երկրի ախոյեան: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ֆապիանօ` 25-րդ վայրկեանին: Ախոյեանութեան աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, այժմ Փալմէյրաս 7 կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆլամենկոն: Նշենք, որ վերջին անգամ Փալմէյրաս Պրազիլի ախոյեան հադիսացած էր 1994-ին: Այսպիսով, անիկա իր պատմութեան մէջ 9-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին:

Page 1038 of 1276 1 … 1,037 1,038 1,039 … 1,276

Արխիւներ