Հայաստանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի հաւաքականը աւարտեց իր հաւաքը Թիֆլիսի մէջ:
Արեգ Վաթեանի գլխաւորած հաւաքականը Թիֆլիսի մէջ հինգ բարեկամական մրցումի ընթացքին արձանագրեց երեք յաղթանակ:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հաւաքին մասնակցեցան միայն Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած մարզիկները:
Յայտնենք, որ յուլիս 2017-ին Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի մասնակցի 2017-ի Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: