Արժանթինցի թենիսմեն Խուան Մարթին Տել Փոթրօ ֆութպոլի աստղ Տիեկօ Մարատոնային նուիրեց իր ստորագրութիւնը կրողը ռաքեթը, կը յայտնէ «Ա. Պոլա»:
Արժանթինի թենիսի ազգային խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ Տէյվիս Քափի մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին յաղթելէ ետք Խրուաթիոյ:
Աւարտականի այդ երեք օրերուն ընթացքին Արժանթինի կատարած մրցումներուն ներկայ գտնուած էր Մարատոնա, որ Տել Փոթրօ – Մարին Չիլիչ մրցումէն ետք ստացաւ այդ ռաքեթը: