Գերմանական Պոխում ակումբի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի կազմը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փրէուսէն Մունսթերի:
Պոխումի յաղթանակը կերտողներուն մէջ իր մեծ բաժինը ունեցաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի ֆութպոլիստ Հայկ Գալստեան, որ այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց 12-րդ եւ 75-րդ վայրկեաններուն, կը յայտնէ ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը: