Պայէրն Միւնիխի նախկին նախագահ Ուլի Հէօնես վերադարձաւ իր պաշտօնին, կը յայտնէ գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ 64 տարեկան գերմանացին պիտի փոխարինէ Քարլ Հոփֆները:
Հէօնես, որ միակ թեկնածուն էր ակումբի նախագահի ընտրութեան, հաւաքեց ձայներուն 98,5 տոկոսը: Ան նախագահ պիտի մնայ մինչեւ 2019:
Նշենք, որ 27 միլիոն եւրոյի իր տուրքերէն խուսափելուն պատճառով Հէօնես մարտ 2014-ին թէեւ 3,5 տարուան բանտարկութեան վճիռ ստացած էր, սակայն այս տարուան փետրուարին ժամանակէն առաջ ազատ արձակուեցաւ: