Իրլանտացի մարզիկ Քանըր Մաքկրեկոր այսուհետեւ խառն մենամարտի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի 2 քաշային կարգերու գործող ախոյեան չէ:
Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ Մաքկրեկոր հրաժարած է Կիսաթեթեւ քաշային կարգի ախոյեանութեան գօտիէն:
«Էմ. Էմ. Էյ.-Ֆայթինկ»-ի համաձայն, իրլանտացի մարզիկը չէ համաձայնած այդ որոշումին: Այժմ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի կիսաթեթեւ քաշային կարգի գօտին պիտի տրուի ժամանակաւոր ախոյեան Ժոզէ Ալտուի:
Նշենք, որ վերջերս Մաքկրեկոր, նաք-աութով յաղթած էր ամերիկացի Էտի Ալվարեսին` դառնալով պատմութեան առաջին մարզիկը, որ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի գործող ախոյեան կը հռչակուի 2 քաշային կարգերուն մէջ:
Ատկէ ետք «Եու. Էֆ. Սի.»-ն յայտնած էր, որ ան պէտք է հրաժարի տիտղոսներէն մէկէն:
Թէեւ Մաքկրեկոր կը պատրաստուէր պաշտպանելու իր երկու տիտղոսները, սակայն ան ախոյեան է միայն թեթեւ քաշային կարգին մէջ: