Քոլոմպիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Տեփորթիւօ Քալիի:
Յաղթական կազմին յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ հայ ֆութպոլիստ Մաուրօ Գեւգէօզեան, որ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց կոլի փոխանցում:
Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Նշենք, որ 30 տարեկան յառաջապահը Քոլոպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ 20 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ: